Խաղիկներ ու շարեր
Քեսապցին կը սիրէ երգել իր ազատ լեռներուն վրայ, հետեւաբար անոր միտքը յաջողած է արտադրել ժողովրդական երգեր, զոր կ’երգէ անհուն խանդով եւ անբացատրելի բերկրութեամբ:
Քեսապի ժողովրդական պարերգերը երեք տեսակ են. Յանկերգ, խաղիկ ու շար, բայց ժողովուրդի հասկացողութեան մէջ ասոնք առանձին գոյութիւն չունին:
Յանկերգը կրկներգն է, որով կը ճանչցուի այդ պարերգը. խաղիկներն ու շարերը կը կատարուին ոեւէ յանկերգի հետ:
Խաղիկներն ու շարերը պարերգերուն մէջ կատարուող երկտող կամ քառատող ոտանաւորներ են: Ժողովուրդը երկուքին ալ «շուօր» (շար) կ՛ըսէ, թէեւ իւրաքանչիւր երկտող կը կոչուի խաղիկ:
Բովանդակութեան եւ ստեղծման պահի տեսակէտէն, շատ յստակ տարբերութիւն մը կայ խաղիկ եւ շար հասկացողութիւններու միջեւ:
Խաղիկը բանագիտութեան աւարտուն կամ ամբողջական երկտող կամ քառատող երգ է, որ բերնէ բերան անցնելով եւ բիւրեղանալով առանձին եւ անկախ ստեղծագործական ձեւ ունի, իսկ շարը, տեղւոյն վրայ երկտող կամ քառատող ձեւով ստեղծուած ոտանաւոր է, որուն տուները իրարմէ կախեալ են իմաստի տեսակէտէն:
Պարերգի մէջ խաղիկները կը կատարուին ազատ շարքով:
Խաղիկները ունին սիրային բովանդակութիւն. երբեմն կ’արտայայտեն շրջանին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական եւ ընկերային փոփոխութիւնները:
Խաղիկները քնարական յօրինումներ ըլլալով հանդերձ, զուարճալի ու երգիծական եռանդ ունին ու դաստիարակչական դեր կը կատարէին եւ կը շարունակեն կատարել:
Ժողովուրդը միշտ չէ որ գոհ կը մնայ պատրաստի խաղիկներուն կատարումէն, կը սպասէ նոր խօսք, հետեւաբար հարսանեկան խրախճանքներու ընթացքին ամէնէն հետաքրքրականը պարերգերու մէջ նոր շարերու ունկընդրութիւնն էր:
Նոր շարերը հիւսելու փորձեր կը կատարէին շատ շատերը: Միշտ ալ եղած են ու կան խօսքի այդ վարպետները: Անոնցմէ են Թօփալ Մինաս, Թէնէքէճին, Սիան Սուլեան, Խիչա Թիթիզեան, որոնք մահացած են:
Գրեթէ ամէն Քեսապցի խաղիկ մը գիտէ:
Շարերը ըստ բովանդակութեան կ’ըլլան երկու տեսակ. նկարագրական եւ բանակռուային: Նկարագրական շարերուն նիւթ կը դառնար դէպք մը, երեւոյթ մը կամ անձ մը. շատ անգամ անոնք կ’ունենային երգիծական բնոյթ, իսկ երբեմն ալ ոչ երգիծական, ինչպէս տարագրութիւն, ազգային ու ընկերային մեծ երեւոյթներ եւայլն:
Բանակռուային շարը երկու մենակատարներու փոխասացութիւնն է: Ասիկա ընդհանրապէս սրամիտ խօսքերու փոխասացութիւն մը կ՛ըլլար, տեսակ մը բանակռիւ, որ երկու խաղասացներ երգիծական եւ սրամիտ խաղիկներով կը պարսաւէին եւ կը ծաղրէին զիրար կամ հեգնախօսութիւն կ’ընէին իրարու:
Շարերը շատ անգամ մէկ անգամ կը կատարուէին ու կը մոռցուէին, ուրիշներ կը կրկնուէին երբեմն երգ մը դառնալու համար:
Պարերգերը առհասարակ բարբառով կ’ըլլային:
Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը խաղիկ ու շար:
ա- Սիրոյ եւ հարսանեկան խաղիկներ.
Ծիթիրի լուսուն լուօյսը, Ծաթեր է լուսնի լոյսը,
Սիրիմ զչուօցիդ լուօյսը։ Սիրեմ աչքերուդ լոյսը։
Վըրը պախչան նէօշ կըննու, Վերի այգին նուշ կ’ըլլայ,
Վարդէն ըրվան փէօշ կըննու Վարդին վրայ փուշ կ’ըլլայ.
Կուրպուն ըննում քի Աստուօծ Մատաղ ըլլամ քեզ Աստուած
Իլը քինթն էնէօշ կըննու Ուրիշին աղջիկը անուշ կ’ըլլայ։
Անթը թաղօն ծաղիրը Անդի թաղին Ծաղերը
Գընուօց պլղուօր աղիլը Գնաց ձաւար աղալու,
Պլղուօր աղիլը մհանու էեր Ձաւար աղալը պատրուակ էր,
Գընուօց ի լաքըրթիլը: Գացեր էր զրուցելու:
Էպէօր իփիցունք ալլա ի, Ապուր եփեցինք անլի էր,
Քինթէօն էնէոնը պալլա ի, Աղջիկը անուանի էր,
Սէվտա քիշուօղ կըտըրճէն Տղուն սիրահարուիլը
Իրիսիէն տա պալլաի: Երեսէն յայտնի կ’ընէ:
բ- Շար մեծ եղեռնի մասին.
Թըփփէն կը կըտրին զօռը Թուփէն կը կտրեն ուռը,
Տէրէն ըզմի Տէր-Զօրը: Տարին մեզի Տէր-Զօրը:
Շէտցուն չըրդիւնց մուճուկնէն, Շատցան շուրջի մժեղները,
Եասսէն քէրիցէն միր չուճուքնէն: Գետ նետեցին մեր մանուկները:
Տընիէր դընէն ըզքույրուօքը, Տանիքը կը փռեն ապարը,
Վառինք տիժկունցը զպայրուօկը: Վառենք թուրքերուն դրօշակը:
Հէսսիէն կը շինին ըզգէօնտը, Խմորէն կը շինէն գունտը,
Թըղասնա տիժկիւնցը հէօնտը: Թօղ անցնի թուրքերուն սերմը:
Ճուկուրուօն շինին ըզփատը, Կացինով կը շինեն փայտը,
Սէկկուն Էնվէրն ու Թալէաթը: Սատկեցան Էնվէրն ու Թալէաթը:
|