La communauté Arménienne de la région de Kessab…
La communauté Arménienne de la région de Kessab à l’époque du mendat français sur la Syrie 1918-1940
(Mémoire, identité, mandat, frontière)
Une recherche faite par Seta (Isabelle) Mavian
Քեսապի շրջանի Հայ համայնքը, ֆրանսական հոգատարութեան ընթացքին
1918-1940
Վերը յիշուած գրութիւնը, պատրաստուած է ֆրանսերէն լեզուով Սեդա (Իզապէլ) Մավեանի կողմէ: Ուսումնասիրութիւնը կ’ընդգրկէ 1909 թուականէն մինչեւ 1940 ժամանակամիջոցը, զոր ան նիւթ դարձուցած է իր համալսարանական աւարտաճառի (These)ի պատրաստութեան:
Ֆրանսական զինուորական արխիւներէն քաղած իր տեղեկութիւնները, կրցած է յաջող կերպով բաղդատել 1915-ի բռնագաղթէն վերապրող սերունդի բերանացի վկայութիւններուն հետ, եւ կրցած է փաստել թէ բերանացի հաւաքական վկայութիւնները, իբր ենթակայական (subjective) տուեալ կ’ամբողջացնէ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց աւանդական եւ առարկայական (objective) աղբիւրները:
Քեսապի առնչութեամբ կատարուած այս բազմակողմանի ուսումնասիրութիւնը կ’անդրադառնայ ոչ միայն շրջանի ներքին ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերուն, այլ ընդհանուր առմամբ կը ներկայացնէ հիւսիսային Սուրիոյ եւ Կիլիկեան շրջաններու հայ հասարակական եւ քաղաքական կեանքը:
Շրջանի մասին պատմական կարճ ծանօթութիւններ տալէ ետք, կ’անցնի բուն նիւթին, զոր կը սկսի 1909-ի Կիլիկեան աղետէն (Ատանայի ջարդը) եւ կ’անցնի 1915-ի տեղահանութեան մանրամասնութեանց:
Բռնագաղթին մասնակցած եւ վերապրած 12 անձերու բերանացի վկայութիւնները, շատ յստակ պատկեր մը կու տան ժողովուրդի կրած տառապանքին եւ տուած զոհերուն (մեկնած մօտ 6000 հոգիով եւ վերադարձած մօտ 2000 հոգիով):
Բաւական ծանրացած է 1920-ական թուականներուն Քեսապի երկու եւ կէս տարուայ կիսանկախ վիճակին մասին:
Մանրամասնօրէն ներկայացուցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպչական եւ կրթական հարցերը. նշուած են նաեւ ներքին համայնքային երկպառակութիւնները:
Ի վերջոյ անդրադարձած է մանրամասնօրէն Սանճագի ցաւալի դէպքերուն, որոնց հետեւանքով ամբողջ շրջանը մեկուսացած է շրջակայ բնակավայրերէն եւ բանուկ ճամբաներէն. տասը տարի շարունակ գտնուելով տնտեսական նեղ կացութեան մէջ, ժողովուրդը մատնուած է թշուառութեան եւ անգործութեան ու դիմած արտագաղթի:
Սակայն, ի վերջոյ կցուելով սուրիական հողամասին, քեսապցին կրցած է ինքզինք մխիթարել, ըլլալով միակ հայաբնակ գիւղաքաղաքը հայ իրականութեան մէջ, որ կրցած է գոյատեւել եւ խուսափիլ թրքական գերիշխանութենէն, պահելով իր ինքնութիւնն ու աւանդութիւնները: Բայց ցաւօք սրտի, չէ կրցած փրկել իր լաւագոյն հողաշերտերը ու Կասիոս լերան կողին բազմած Պալլումի սրբատեղին եւ ուխտավայրը, որոնք 1938-էն ասդին կը մնան սահմանին միւս կողմը:
Այս խիստ կարեւոր ուսումնասիրութիւնը հայերէնի վերածած է Պրն. Աբրահամ Մաթոսեանը, Քեսապի եւ այլ շրջաններու հայութեան հասկնալի դարձնելու համար իրենց պապերու ունեցած գնահատելի եւ ցաւալի փորձառութիւնները, յաճախ քիչ արժեւորուած ու մոռացութեան դատապարտուած, եւ շատ անգամ աւելի գնահատուած միայն օտարներու կողմէ։
Թարգմանութիւնը տակաւին անտիպ վիճակի մէջ է: