բարի գալուստ


 

Սիրելի հայրենակից, համագիւղացի, եւ Քեսապը սիրող ու զայն արժեւորող:

Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնենք քեզի, որ հետաքրքրութիւնը ունեցար այս կայքէջը մուտք գործելու:

Համացանցին մէջ հազարաւոր կայքէջեր գոյութիւն ունին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներառնէ նիւթ մը, ոմանք հաստատութիւններ, զանազան նիւթերու մասին գրութիւններ, երգեր, երիզներ, կրօնական, բարոյական, գիտական, փիլիսոփայական, աշխարհագրական եւ այսպէս զանազան նիւթեր:

Սակայն այս կայքէջը կը տարբերի այս բոլորէն անով, որ իր մէջ կը պարփակէ այս բոլորէն մասեր, որոնք կը ներկայացնեն այն աւանն ու գիւղաքաղաքը, որ փոքրիկ Հայաստան մըն է իր ամբողջական իմաստով: Քեսապը պէտք չէ նկատել շրջան մը որ կը գտնուի Սուրիոյ խուլ մէկ անկիւնը, այլ ան ունի իր հարազատ պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, մշակոյթը, դիրքը, հրաշալի բնութիւնը, հինաւուրց բարբառը, համեստ, հայասէր, ու հաւատացեալ ժողովուրդը:

Շատ պիտի չերկարենք, որովհետեւ կը փափաքինք որ դուն անձնապէս սկսիս մտնել կայքէջի մանրամասնութեանց, որոնք նորագոյն եւ արդիականացած ձեւերով ներկայացուած են:

Եթէ Քեսապցի ես վերյիշէ եւ ինչու չէ լաւ ճանչցիր Քեսապը, իսկ եթէ Քեսապցի չես, բայց կը սիրես Քեսապը ու կը հետաքրքրուիս իրմով, ահաւասիկ քու դիմացդ է իր ամբողջականութեամբ, միշտ նորութիւններով լեցուն եւ կարելի եղած չափով ամբողջական մանրամասնութեամբ…:

Բարի եկած ես Քեսապ

Եւ բարի ճանապարհորդութիւն…

Յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք զանազան կերպերով իրենց համեստ մասնակցութիւնը բերին (ըլլայ նիւթական, ըլլայ բարոյական) այս կայքէջի ծրագրին իրագործման ու յաջողութեան:

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքը Քեսապի մասին.