Քէօրքիւնէ

Չագալճըգէն քիչ բարձր փոքրիկ հարթավայրի մը վրայ, կը գտնուի Քէօրքիւնէ գիւղը, որ բոլոր կողմերէն համեմատաբար ընդարձակ հորիզոն ունի: Շուրջ երկու քիլօմեթր անդին, Էքիզօլուքը կ՛երեւի:
Գիւղին շուրջ՝ հոս ու հոն հանդիպող հնութեանց փշրանքները, կը հաստատեն թէ հին բնակավայր մը եղած է քէօրքիւնէն: Հոս գտնուած են հնագոյն ու միջին դարերու պատկանող մետաղադրամներ, կաւէ ամաններու բեկորներ, խճաքարով պատած յատակի մասեր, հին ձիթահանգ ու լողեր: Հողային աշխատանքներու ժամանակ, ըստ երեւոյթին հին կառոյցներ հիմնայատակ կործանած են:
Գիւղին արեւմտեան կողմը, բլուրին վրայ նկատուած են ամրակառոյց պատերու հիմքեր, որոնք ամրոցի մը մնացորդները կրնան ըլլալ:
Արձանագրութիւներ չկան. սովորական գետնաքարով պատեր են՝ կրաշախաղով ամրացուած: Այստեղ գտնուած հին մետաղադրամներու կարգին, տեսնուած են նաեւ Կիլիկեան հայկական դրամներ:
Գիւղին հարաւ-արեւելեան բարձունքին վրայ, մինչեւ 19րդ դարուն սկիզբը, կանգուն եղած է Ս. Ստեփանոս մատուռը, որուն աւերակներուն շուրջ գիւղացիք տակաւին կը թաղեն իրենց ննջեցեալները:
Տարագրութենէն առաջ, գիւղին բնակչութիւնը կազմուած էր Չէլէպեան, Խտրեան, Քէլեան(Գերեան), Աբէլեան եւ Գագուսեան գերդաստաններէն: Ասոնց մէջ Չէլէպեանները կը նկատուին գիւղին առաջին բնակիչները:
Խտրեան գերդաստանէն կը սերին՝ նոյն տեղը ապրած Գերպապեան և Քէլեան(Գերեան) գերդաստանները:
Աբէլեաններուն նախնին՝ Աբէլ, Քեսապէն գալով, քէօրքիւնէ կը հաստատուի, որմէ կը սերի Աբէլեան-Պետրեան գերդաստանը:
1909ի Ապրիլ 23ին, թուրք խուժանը կը մտնէ նաեւ Քէօրքիւնէ. կը կողոպտէ հարուստ տուները, կենդանիները կը քշէ ու գիւղը կրակի կու տայ :
1915ին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, կը զոհուի ու կը կորսուի Քէօրքիւնէի նախկին բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը:
1947ին, հայրենիք կը ներգաղթեն 63 անձեր, գերազանցապէս Չելէպեան գերդաստանէն. գիւղ կը մնան 114 անձեր: Այս միջոցին գիւղը կը սկսի խառն բնակչութիւն մը ունենալ, որոնք ջերմ յարաբերութիւններ կը մշակեն հայ գիւղացիներուն հետ:
Ամրան, Քէօրքիւնէի բնակիչներու թիւը կ’աւելնայ: Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու և Լիբանանի մէջ ապրող շարք մը քէօրքիւնէցիներ, գիւղին մէջ տուն ու կալուած կը պահեն տակաւին: քանի մը հալէպահայ ընտանիքներ եւս այստեղ իրենց առանձնատուները ունին:
Եկեղեցիներ
Գիւղին մէջ կը գործէ մէկ եկեղեցի որ կը պատկանի Աւետարանական համայնքին:
Դպրոցներ
Ա- Հայ Աւետարանական Վարժարան (1898-1915,1930-1981)
Դպրոցական առաջին շէնքը կառուցուած է 1903ին, եկեղեցւոյ կից:
Դպրոցը եղած է նախակրթարան մանկապարտէզով: 1922ին՝ Տարագրութենէն վերադարձէն ետք, կը վերաբացուի նախկին շէնքը իբրեւ Ազգային Միութեան Միացեալ Վարժարան, որ կը շարունակէ նոր անունով գործել մինչեւ 1930, երբ կրկին կ՛անցնի հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հսկողութեան տակ:
Բ- Միացեալ վարժարան (1934-1939). կը գործէ իբրեւ մասնաճիւղ Քեսապի միացեալ վարժարանին: Գիւղին մէջ կը հիմնուի Ս.Օ.Խ-ի մասնաճիւղը որ կը մատակարարէ դպրոցը: