Տուզաղաճ
Տուզաղաճի արեւմտեան և հիւսիսային կողմերը Քեսապի շրջանի բարձրունքներն են, իսկ արեւելեան կողմը՝ շրջանին բնական սահմանը հանդիսացող լեռները:
19րդ դարու առաջին կիսուն, գրեթէ ամբողջապէս անտառապատ եղած է Տուզաղաճը: Լաթաքիա-Անտիոք ճամբան անցած է խիտ անտառներու մէջէն: Յիշեալ դարու 40ական թուականներուն, օտար կապալարուներ պետութենէն կը գնեն Տուզաղաճի անտառներու շահագործումի իրաւունքը: Այս գործին համար բանուորները կու գան Քեսապէն և շրջակայ գիւղերէն:
Անտարահատումին պատճառով, քանի մը տարուան ընթացքին ամբողջ հարթավայրը կը լերկանայ: Մօտակայ գիւղացիներ արտեր կը բանան, ցանք կ՛ընեն, պարտէզներ կը տնկեն: Ասոնցմէ ոմանք մնայուն բնակութեան համար տուներ կը կառուցեն: Այստեղ հաստատուծ ընտանիքները ընդհանրապէս Սեւաղբիւրէն, Քէօրքիւնէէն, Չագալճըգէն, Չինարճըգէն, և Քեսապէն են:
Գիւղը առանձին եկեղեցի և մուխթարութիւն չէ ունեցած:
1909 Ապրիլ 23ին, թուրք խուժանը Օրտուի կողմէ կը յարձակի Տուզաղաճի վրայ եւ կը թալանէ գիւղը: Գիւղացիք կը փախչին դէպի Էքիզօլուք ու կը միանան միւս գիւղերու փախստականներուն: Անոնք մէկ շաբաթ ետք կը վերադառնան իրենց տուները:
1915ին, գիւղի բնակչութիւնը կը տեղահանուի երկու խումբով՝ Քէօրքիւնէյի բնակչութեան հետ: 1919-1920 թուականներուն գիւղ կը վերադառնայ բնակչութեան մէկ մասը: 1939ի սահմանագծումով, Տուզաղաճի արեւելեան մասը կէսէն աւելի Թուրքիա կը մնայ:
1947ին, հայրենիք կը ներգաղթէ գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1950-960 թուկաններուն տնտեսական տագնապէն փախուստ տալով, երիտասարդները կ՛երթան Լիբանան և այլուր. գիւղը գրեթէ կը պարպուի :
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն, ոմանք վերջնականապէս կը վերադառնան իրենց կալուածներուն:
Նախկին գիւղատեղը գրեթէ ամբողջապէս լքուած է. Տեղացիք իրենց նոր տուները կառուցած են ճամբուն մօտիկ իրենց կալուածներուն մէջ:
Դպրոցները
Տուզաղաճի մէջ գործած են քանի մը դպրոցներ.
Ա- Հայ Աւետարանական վարժարան. կը հիմնուի 18րդ դարու կէսերուն իբրեւ քեսապի դպրոցին մասնաճիւղ, գործած է մինչեւ 1910ը:
Բ- Ազգային վարժարան (1910-1915,1924-1942).
Գործած է իբրեւ գարատուրանի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի մասնաճիւղ: 1934ին դպրոցը կ’անցնի Ուսումնասիրաց ընկերութեան հովանաւորութեան տակ:
Գ-Հ.Բ.Ը.Մ-ի Ազգ. Նպաստընկալ վարժարան (1934-1937):