Վերի Պաղճաղազ

Էքիզօլուքէն Պասիթ գացող ճամբուն վրայ կ՛երեւի Վերի Պաղճաղազ գիւղակը, որ թառած է Սելտրան լերան հարաւային քարափին տակ: Ունի բարձր ու տիրական դիրք, ուրկէ կ՝երեւի Պասիթի ամբողջ շրջանը:
Գիւղը կազմուած է 19րդ դարու կիսուն: Հիմնական բնակիչները կազմած են Սարմազեան գերդաստանի ընտանիքները: Միւս բնակիչները հոս հաստատուած են անցեալ դարասկիզբին. Գարաեան, Չափարեան, Հալուաճեան և Գարապետիրեան ընտանիքները:
1909ին, գիւղացիք թէեւ կը միանան միւս գիւղերու փախստականներուն, բայց թուրք խուժանը հոն չի հասնիր: Գիւղացիք քանի մը օր ետք կը վերադառնան իրենց տուները:
1911ին, գիւղը ունէր 22 տուն.
1915 Օգոստոսին, գիւղացիք կը տարագրուին Էքիզօլուքցիներուն հետ: 1920ին, վերապրողներուն թիւն է 14 ընտանիք: Տարագրութեան զոհուած է բնակչութեան աւելի քան երեք քառորդը:
Հաթայի պետութեան շրջանին, Վերի Պաղճաղազը սահմանէն անդին գտնուող առաջին գիւղը ըլլալով, ամէն օր թուրք իշխանութիւններէն հետապնդուող փախստականներ կ՛ընդունէր: 1919-1922 թուականներուն Ազգային Միութեան պատասխանատու անձեր և նախկին կամաւորներ իրենց ընտանիքներով ապաստան գտան Վերի և Վարի Պաղճաղազ գիւղերուն մէջ:
1947ին, գիւղէն հայրենիք կը մեկնին 81 անձ: 1955ի հաշուումներով, գիւղը ունի 41 անձ:
Այժմ գիւղին մէջ կը բնակին 9 ընտանիք, որոնց մէկ մասը ձմրան կը փոխադրուի Քեսապ և Լիբանան.
Դպրոցներ
Գիւղին մէջ գործած են հետեւեալ դպրոցները.
Ա-Հայ Աւետարանական Վարժարան (1856-1967). նկատուած է Էքիզօլուքի դպրոցի մասնաճիւղը, որ գործած է իբրեւ նախակրթարան: Շրջանաւարտները կը յաճախէին Քեսապի բարձրագոյն վարժարանը:
Տարագրութենէն վերադարձէն ետք, դպրոցը կը վերաբացուի իբրեւ Ազգային միութեան միացեալ վարժարան: Այդպէս ալ կը մնայ մինչեւ 1932, Երբ պաշտօնապէս կրկին կը դառնայ Էքիզօլուքի Աւետարանական Վարժարանը:
Բ-Լատինաց վարժարան (1930-1947). վերջին տարիներուն կոչուած է Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետական Վարժարան: