Վարի Պաղճաղազ
Վարի պաղճաղազ գիւղը կը գտնուի Վերի Պաղճաղազի եւ Ֆագըհասանի միջեւ: Հայաբնակներուն նախնիները հաստատուած են այստեղ անցեալ դարու սկիզբը. մինչեւ դարավերջ, քանի մը ընտանիքներ բազմանալով, տասնեակ մը տուներով թաղեր կ’ունենան իրենց անուններով, ինչպէս Բդըլլէք, Չափըտլէք, Հանէշլէք, Էսքիճլէք, Չաթալլէք որ մեծագոյնն էր:
Հայ բնակիչները թրքախօս էին, քիչեր միայն կը հասկնային ու կը խօսէին Քեսապի բարբառը: Անոնք իրենց թաղապետութեան մուխթարութեան տոմարներուն մէջ, արձանագրուած էին առանց “եան” մասնիկի, ինչպէս՝ Սարմազը, Արամալը, Քէլ Եաղուպ, Հանաշ և այլն:
Վարի Պաղճաղազի հայոց քանի մը թաղերը, գիւղական առանձին համայնք մը չէին ներկայացներ ու կը նկատուէին Ֆագըհասանի թաղերը: Չաթալլէքի և Գապաչինարի հայերը պէտք կը զգան Լատին կրօնաւորներու հովանաւորութեան. ամէն առիթի անոնց միջնորդութիւնը և օգնութիւնը կը հայցէին: Լաթաքիոյ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան Լատին հայրերը, կը համաձայնին հայոց թաղերուն մէջ վանք մը հաստատել ու իրենց պաշտպանութեան տակ առնել հայ բնակչութիւնը: Կը գնեն հսկայ տարածութիւն մը Գապաչինարի առջեւ: Այդ տարածութիւնը կը մկրտուի «Մանասթըր» (վանք) անունով: Կը կառուցուի շէնքերու համալիր մը (եկեղեցի, վանք, դպրոց):
Նոյն թուին կը ձեւաւորուի Վարի Պաղճաղազի Լատին թաղապետութեան մուխթարութիւնը: Հայերը, իբր Լատին համայնք, հոգեւոր ու վարչական անկախութիւն ձեռք կը բերեն:
1909ի աղէտին, Քեսապի հարաւ-արեւելեան գիւղերու փախստական ու հալածական հայերը, կը հաւաքուին Լատինաց վանքը, ապա վարդապետներու առաջնորդութեամբ կ՛անցնին Պասիթ, ուրկէ նաւերով կը փոխադրուին Լաթաքիա: Թուրք խուժանը Պաղճաղազ չի հասնիր: Քանի մը օր ետք գիւղացիները կը վերադառնան իրենց տուները:
1915ի Օգոստոսին, Վարի Պաղճաղազի հայերն ալ կը տարագրուին: Տարագրուած գիւղացիներէն ոմանք կը մնան Ճըսըր Շուղուր, ոմանք կը քշուին Հալէպի ու Համայի կողմերը: Բնակչութեան երեք չորորդը կը զոհուի տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:
1922ին, երբ Ֆրանսական իշխանութիւնները Քեսապ կը մտնեն, շրջակայ թուրքերը կամաց-կամաց կը վերադառնան իրենց գիւղերը ու հաշտ կերպով կ՛ապրին հայերուն հետ:
1938 Սեպտեմբեր 2 – 1939 Յունիս 23ի Հաթայի պետութեան միջոցին Քեսապ շրջանի ազգակիցներուն հետ, պաղճաղազցիներու յարաբերութիւնները գրեթէ անկարելի դարձաւ: Թրքական իշխանութիւններէն փախուստ տուած կարգ մը երիտասարդներ սահմանը անցնելով, երբեմն կ՛ապաստանէին Պաղճաղազի մէջ:
1947ի հայրենադարձութեան աւետիսը մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունուի գիւղացիներուն կողմէ: Հայրենիք կը ներգաղթէ բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1960ական թուականներուն արտագաղթը գրեթէ ամբողջապէս կը պարպէ Վարի Պաղճաղազը:
Դպրոցներ
Լատին Ֆրանչիսքեան առաքելութիւնը այստեղ իր դպրոցը կը հիմնէ 1904ին որուն մէջ Հայերէն չի դասաւանդուիր: Բոլոր դասանիւթերը կը տրուին ֆրանսերէն և թրքերէն լեզուներով:
1930ական թուականներուն, ամբողջապէս նախակրթարանի կը վերածուի. նոյն շրջանին կը սկսի հայերենի ուսուցումը:
1946ին, Լատին համայնքը կը լուծուի: Դպրոցը կը գործէ “Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետական Վարժարան” անունով:
1948ին դպրոցը կը փակուի:
1955ին, գիւղացիներու դիմումին վրայ, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւնը հոս կը բանայ տարրական նախակրթարան մը՝ մանկապարտէզով, որ միայն մէկ տարի կը գործէ:
1957-1960 դպրոցը կը գործէ Քեսապի ազգային ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին իբրեւ մասնաճիւղ: