Պաշորտ
Գարատաշէն շուրջ 5 ք.մ. դէպի արեւմուտք, կը գտնուի Պաշորտ գիւղը , որ սկզբնապէս եղած է հովիւներուն Ալաչոխը:
19րդ դարու կիսուն այստեղ մշտական կայք կը հաստատէ Քեսապի Մահշիկեան գերդաստանէն՝ Մովսէսի որդի Գրիգորը, որ կը դառնայ Պաշորտի Մովսէսեան գերդաստանի նախահայրը: Տարագրութենէն առաջ, նոյն թաղին մէջ կայք կը հաստատեն նաեւ Գարատուրանի Չերչիկեանները:
1920ական թուականներուն Մովսէսեան եւ Չերչիկեան ընտանիքներուն հետ կայք կը հաստատեն նաեւ Գարատուրանէն Գազազեան ընտանիք մը:
1909ի կոտորածին, Քեսապէն խումբ մը փախստականներ կ՛ապաստանին Պաշորտ. ապա Պաշորտցիներուն հետ կը լքեն քիւղը ու կ՛իջնեն ծովեզերք, Պաշորտն ալ ալան թալանի կ՛ենթարկուի:
1915ին, Պաշորտի բնակիչները տարագրութեան կ՛ելլեն Գալատուրանէն ու կը քշուին Համա, անկէ դէպի հարաւ մինչեւ Յորդանան: Տարագրութենէն վերապրողները Գարատուրանցիներուն հետ Փոր Սաիտէն կը վերադառնան :
1920ի մարդահամարին մէջ Պաշորտ չկայ. Մինչդեռ 1911 մարդահամարին, գիւղը կը հաշուէր 85 անձ, 1915՝ 40 անձ:
Գիւղացիներուն հիմնական զբաղումը կը շարունակէ մնալ խաշնարածութիւնը: 1939ին, նոր սահմանագծումով սահմանը կ՛անցնի Պաշորտի տուներուն մօտէն: Գիւղացիք կը կորսնցնեն իրենց արտերուն մէկ մասը եւ Մուսըլէքի աղբիւրէն կը զրկուին: Այծերու հօտը պահելը անկարելի կը դառնայ:
1947ին, գիւղացիները մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունին հայրենադարձութեան աւետիսը: Գիւղը իր ամբողջ բնակչութեամբ հայրենիք կը ներգաղթէ. ընդամէնը՝ 46 հոգի: Գիւղի ամբողջ տարածութիւնը կը ծախուի քեսապցի Յովսէփեաններուն:
Պաշորտի բնակչութիւնը կապուած էր Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ, իսկ դպրոցական փոքրիկները կը յաճախէին Գարատուրանի Մեսրոպեան, Նուպարեան եւ Քեսապի Սահակեան Վարժարանները:
1935ին, Գարատուրանի Հ.Բ.Ը.Մ. մասնաճիւղը, բնակչութեան երթեւեկի դժուարութիւնը նկատի ունենալով, կը հիմնէ միջին նախակրթարան մը իբրեւ Մեսրոպեան նպաստընկալ վարժարանի մասնաճիւղ: Դպրոցը կը գործէ մինչեւ հայրենադարձութիւն:
Այժմ թփուտներուն մէջ կ՛երեւին լքուած գիւղակին կիսակործան պատերը. իսկ արեւելեան հարթութիւններուն վրայ, նախկին արտերու փոխարէն, գետի պէս յորդած են խնձորի եւ այլ պտուղներու ծառեր: