Չինար

Նախկին Չինարճըգ կամ Չինար գիւղը տարածուած էր Գուրոմ լերան հարաւ արեւելեան ստորոտին:
Չինարճըգ տարագրութենէն առաջ ունէր երկու գլխաւոր թաղեր. աղբիւրին թաղը ու Գաթապինց թաղը:
Աղբիւրին թաղը կազմուած էր գլխաւորաբար Թոփալեաններու, Ճուրեաններու, Արապեաններու եւ Օհանեաններու տուներէն: Աղբիւրի թաղէն շուրջ կէս քիլոմեթր անդին, կը գտնուէր Գաթապեաններու թաղը: Այս երկու թաղերուն առջեւ զառիթափերը իրարու մօտենալով կը կազմեն խորունկ ձոր մը: Տարագրութենէն վերադառնալէն ետք, ձորի աջին կը ձեւաւորուի նոր թաղ մը՝ «Անթը Չընորը» ուր բնակութիւն կը հաստատեն գլխաւորաբար Չիլինկիրեան եւ Քորթմոսեան գերդաստանի ընտանիքները: Գիւղը նշանաւոր է իր յորդաբուխ աղբիւրով: Աղբիւրին առջեւ, մինչեւ հայրենադարձութեան տարին, կը գործեր Քեսապի շրջանին հնագոյն ջրաղացը:
Չինարճըգ սկզբնապէս եղած է բնիկ Քեսապցի ընտանիքներու կալուածը: 1965ին, գիւղը ունեցած է 40 տուն բնակչութիւն. սակայն եկեղեցի չէ ունեցած:
1909ին թուրք խուժանը կ՛ասպատակէ նաեւ Չինարճըգ գիւղը:
1911ին, գիւղը կը հաշուեր 176 անձ, իսկ 1915ին 210 անձ: Տարագրութեան տարիներուն կը զոհուի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդը: 1920-ին գիւղ վերադարձած են 77 անձ:
Գիւղացիք մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընդունին հայրենադարձութեան աւետիսը: Հայրենիք կը ներգաղթեն բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
Գիւղը վերջին երկու տասնամեակներուն սկսաւ կորսնցնել իր զուտ հայկական դիմագիծը:
Ներկայիս Չինարճըգ ամառանոցային կոկիկ գիւղ մըն է:
Դպրոցներ
Գիւղին մէջ գործած են երկու դպրոցներ:
Ա- Ազգային վարժարան. հիմնուած է 1910-ին. գործած է մինչեւ 1915 և 1923-1943 Թուականներուն միջեւ: ունեցած է Տարրական նախակրթարան իր մանկապարտէզով եւ եղած է մասնաճիւղ Քեսապի Սահակեան վարժարանին: Երրորդ դասարանէն ետք աշակերտները յաճախած են Քեսապի դպրոցները՝ հետիոտն: 1935-ին կը դառնայ Հ.Բ.Ը.Մ-ի Ազգային նպաստընկալ վարժարան:
Բ- Լատինաց վարժարան (1904-1915,1921-1946):
Տեղւոյն կաթողիկէ ընտանիքներուն համար 1860-ական թուականներուն, գիւղին մէջ քանի մը տարի գործած է փոքրիկ դպրոց մը: