Չագալճըգ

Չինարի Գաթապեան թաղէն քիչ անդին, կ՛երեւի Չագալճըգ գիւղակը: Այս գիւղն ալ նշանաւոր է իր աղբիւրով ու անոր առջեւ գտնուող վիթխարի Սօսիով:
Գիւղին հիմնական բնակիչները Թրթռեաններն են: Գերդաստանը կը մեծնայ, եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի բաժին ինկած հողը չի կրնար բաւարարեր իրենց կարիքները: Որոշ ընտանիքներ կը լքեն գիւղը եւ միւս գիւղերուն մէջ կը հաստատուին: Ոմանք կ՛աշխատին Տուզաղաճ եւ մշտական բնակութիւն կը հաստատեն հիմնելով Տուզաղաճի Թրթռեան թաղը:
Չագալճըգէն դէպի արեւմուտք եղած է ուրիշ թաղ մը եւս. Մաթըսլէք՝ Մաթոսեաններու անունով:
1909 Ապրիլ 23ի առտուն, երբ Չագալճըգի եւ Մաթըսլեքի բնակիչները տեղեակ կ՛ըլլան թէ թուրք խուժանը մտած է Չինարճըգ, իրենց պղնձեղէններն ու գործիքները արտերուն մէջ պահելով, Պաղճաղազի ճամբով կը հասնին Պասիթ: Թուրք խուժանը կը մտնէ գիւղ, կը կողոպտէ ինչ որ գտնէ ու կրակի կու տայ տուները:
1915ին, գիւղացիք Քէօրքիւնէի բնակիչներուն հետ կը տարագրուին երկու խումբով: 1920ի մարդահամարին մէջ, Չագալճըգ կը յիշատակուի իբրեւ առանձին գիւղ:
1947ին, գիւղէն հայրենիք կը ներգաղթեն 29 անձ: Չագալճըգ վերջին տասնամեակին, վերածուեցաւ գեղեցիկ ամառանոցի մը: Շուրջ երկու տասնեակ առանձնատուներ հաշուող թաղամաս մը բարձրացաւ գիւղի թիկունքին: