Ներքի Գիւղ եւ Խայիթ
Ներքի գիւղը (վարի գիւղ) կամ Էսկիւրանը (Էսկի Օրան՝ հին գիւղ) ունի երկու թաղեր. մին լերան ստորոտը, միւսը քանի մը տասնեակ մեթր վար՝ աղբիւրին կից:
Խայիթը նկատուած է Ներքի Գիւղին մէկ թաղը: Աւանդութիւններով հարուստ պզտիկ գիւղ մըն է Ներքի Գիւղը, որ կը նկատուի շրջանին առաջին հայ գիւղը: Գիւղացիներու դէպի Քեսապ տեղաշարժէն ետք գիւղը Գրեթէ ամբողջապէս կը լքուի: Գիւղը անապահով եղած է գլխաւորաբար թրքական Օրտու գիւղին մօտիկ ըլլալուն պատճառով:
1909ի աղետին, գիւղացիք Խայիթցիներուն հետ կը պարպեն գիւղը ու կը բարձրանան Քեսապ: Խուժանը ամէնէն առաջ Ներքի Գիւղ մտնելով կը կողոպտէ ինչ որ կը գտնէ ու կրակի կու տայ տուները:
1915ին, Ներքի Գիւղի եւ Խայիթի բնակչութիւնն ալ կը տարագրուի: 1920ին գիւղ վերադարձած են միայն 50 անձ. գիւղի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդը զոհուած է: Կարգ մը ընտանիքներ երբեք չեն վերադարձած:
Վերապրողներու վերադարձէն ետք, կամաւորներն ու Ազգային միութիւնը գիշեր ու ցերեկ հսկողութեան տակ կը պահեն Ներքի Գիւղը: Վերապրողները ընդհանրապէս Ներքի Գիւղէն կը մտնէին շրջան ու շատերու տեղաւորումի գործը այդտեղ կ՛որոշուէր: Նաեւ Օրտուէն գալիք որեւէ վտանգի դէմ ինքնապաշտպանութիւնը ասկէ կը սկսէր:
1928ի բացուած Քեսապ-Օրտու առաջին ինքնաշարժի հողէ ճամբան կ՛անցնէր Ներքի Գիւղէն: 1939էն ետք, Թուրքիա տանող այս ճամբան կը լքուի ու կը փակուի:
1947ին հայրենիք կը ներգաղթէ 78 անձ:
1955ի մարդահամարին, Ներքի Գիւղ եւ Խայիթ կը հաշուէր 68 անձ:
Գիւղի հիմնական բնակչութեան մաս կը կազմեն Աթիքեան, Քիլաղպեան, Բէնդէզեան, Մելքոնեան, Դանիէլեան, Նազարեան, Սողոմոնեան, Չոլաքեան, Շէխուկեան եւ Այնթապլեան գերդաստանները….
Աղբիւրի հրապարակին կից կը գտնուի գիւղի «Կղիցիկ» սրբատեղին:
1939ի սահմանագծումին հետեւանքով, Քեսապի համաժողովրդական ուխտագնացութեան վայրը՝ Պարլում, կը մնայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, որմէ ետք կը որոշուի համաժողովրդական ուխտագնացութիւնը կազմակերպել Ս.Աստուածածնայ վերափոխման երկուշաբթին եւ ուխտագնացութեան վայր՝ Ներքի Գիւղի «Կղիցիկ»ը:
Սիվտիկի-ի ուխտավայրը
Սիւտիկի կամ Սիպտիկի սրբավայրին անունը կը բացատրուի իբրեւ սեւ տիկին կամ սուրբ տիկին: Սրբատեղին բլուրի մը վրայ գմբեթաւոր փոքրիկ կառոյց մըն էր ճիշտ Թուրքիոյ սահմանին վրայ: Վերջերս թուրքերը հիմնայատակ քանդեցին զայն: Յոյն ուղղափառները՝ օրթոտոքսները իբրեւ ուխտավայր կառուցեցին նոր մատուռ մը սահմանէն քիչ հեռու, որուն կից կառուցեցին վանք մը:
Դպրոցը
1910ին կը բացուի Ազգային վարժարան, որ կը գործէ իբրեւ Քեսապի «Սահակեան» վարժարանի մասնաճիւղը: Ունեցած է նախակրթարանի առաջին երկու կարգերը:
1921-1924 նոյն տեղը կը գործէ Ազգային Միութեան Միացեալ Վարժարանը:
1930ական թուականներուն իբրեւ Հ.Բ.Ը.Մ-ի նպաստընկալ վարժարան որ կը գործէ քանի մը տարի: