Էքիզօլուք

Էքիզօլուքը իր բարձր դիրքի պատճառով իր դիմաց կը փրէ ամբողջ արեւելեան հորիզոնը որ իր մէջ կ’ընդգրկէ Քեսապի Տուզաղաճ ու Քէօրքունէ գիւղերը:
Միւս երեք կողմերէն գիւղը ամբոջովին փակ է: Թիկունքին Աճամի լեռնանցքէն բարձրացող ճամբան կը տանի Պաղճաղազ ու Պասիթ:
Նախկին Էքիզօլուքը եղած է խիտ տուներով փոքրիկ գիւղ մը, ընդամէնը մէկ թաղ, որ զառիթափի մը տարածքին փռուած ըլլալուն համար, բնականաբար ունեցած է վերի և վարի թաղեր: Գիւղը կազմուած է 19րդ դարու սկիզբը:
Բնակչութեան հիմնական մասը ներկայացնող Թութիկեան, Աշըգեան, Սէկէեան, Սահակեան, Թասլաքեան և Թալմազեան գերդաստանները, կ՛ըսուի թէ կը սերին Մարտիկեան մայր գերդաստանէն:
Գիւղացիներու հիմնական զբաղումները եղած են հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնը: Գետնախնձորի մշակութիւնը առաջին անգամ կը սկսի Էքիզօլուքի մէջ:
1909ի աղէտին, Չագալճըգի և Քէօրքիւնէի փախստականներու միանալով՝ գիւղացիք կը լքեն գիւղը, կ՛իջնեն վարի Պաղճաղազի Լատինաց վանքը, ուրկէ կ՛առաջնորդուին Պասիթի նաւահանգիստը: Թուրք խուժանը կ՛աւարէ գիւղը, կը քշէ կենդանիները ու տուները կրակի կու տայ:
Էքիզօլուքը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ, Հալէպի նահանգի վիլայէթի վերջին գիւղն էր: Անկէ քիչ անդին կը սկսէր Լաթաքիոյ Վերակացութիւնը Մութասարիֆութիւնը: Ան կ՛ըլլայ թալանի ենթարկուող վերջին գիւղը:
Լաթաքիայէն վերադարձին, գիւղացիք արագ թափով կը նորոգեն տուները ու կը վերականգնեն իրենց տնտեսութիւնը: 1911ին կը սկսի եկեղեցւոյ շինութիւնը որ առանց ծածքի կը մնայ տարագրութեան պատճառով:
1915ի Օգոստոսին, Էքիզոլուքի բնակչութիւնը կը տեղահանուի և տարագրութեան ճամբաներուն վրայ գիւղը կը կորսնցնէ իր նախկին բնակչութեան աւելի քան երկու երրորդը:
1919-1922-ի անիշխանական տարիներուն, Ճոյ Թութիկեանի կամաւորական խումբը կը հսկէր ոչ միայն գիւղին՝ այլ ամբողջ Մեղրաձորին ու շրջանի հարաւային գիւղերուն վրայ ու կարեւոր կապ մը կը հանդիսանար անոնց եւ Քեսապի կեդրոնին միջեւ:
1947ի հայրենադարձութիւնը Էքիզօլուքցիները չի խանդավառեր, միայն 20 անձ Հայաստան կը գաղթեն:
Գիւղին բարձր դիրքը, ամրան եղանակին գրեթէ միշտ զով, յաճախ մշուշոտ եղանակն ու բաւարար ջուրը, տնտեսական պայմաններու հիմնական փոփոխութեան բնական պայմանները կը դառնան:
Էքիզօլուքի վերջին կէս դարու կեանքին մէջ, գիւղացիներու ներդրումի կողքին պէտք չէ մոռնալ հալէպահայ կարգ մը ընտանիքներու հոգատարութիւնը այս գիւղին նկատմամբ:
Աճամի լեռանցքին կից, կը գործէ Սուրիոյ Հ.Բ.Ը.Մ-ի ընդարձակ բանակավայրը:
Էքիզօլուքը առաջին գիւղն է շրջանին մէջ, որ կ՛ունենայ զայն Քեսապին կապող ասֆալթապատ ճամբայ, ելեկտրականութիւն և ջուրի ցանց:
Եկեղեցին
1855ին Էքիզօլուքի ողջ բնակչութիւնը Բողոքականութեան կը յարի: Բողոքականութիւնը, գիւղին մէջ հոգեւոր և կրթական շարժում կը ստեղծէ:
Իբրեւ ժողովարան և դպրոց կը գործածուի գիւղին տուներէն մէկը: Եկեղեցւոյ շէնքը կը կառուցուի 1882ին՝ վարի թաղին առջեւ ու մինչեւ տարագրութիւն կը գործածուի նաեւ իբրեւ դպրոց:
Վեր. Յովհ. Էսքիճեան (1908-1913), գիւղին մէջ կը կառուցէ երկյարկանի ու կղմիտրածածք երիցատուն մը, իսկ 1911ին կը ձեռնարկէ նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան, որ վերհաս պատերազմի պատճառով անծածք կը մնայ : Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կ՛աւարտի 1956ին և կը կոչուի Էմմանուէլ:
Դպրոց և միութիւններ
Էքիզօլուքի Հայ Աւետ. վարժարանը հիմնուած է 1855ին, որ յետագային մեծցած ու դարձած է լրիւ նախակրթարան: Հոս որպէս ուսուցիչ, ծառայած են տեղացիներու կողքին՝ գլխաւորաբար Այնթապցի, Պեհեսնեցի և Քիլիսցի ուսուցիչ ուսուցչուհիներ:
1960ական թուականներէն սկսեալ նախակրթարանը կը կորսնցնէ իր բարձրագոյն կարգերը, ապա կը վերածուի մանկապարտէզի, որովհետեւ գիւղը Քեսապին կապող ճամբուն ասֆալթապատումով, երթեւեկը կը դիւրանայ և փոքրիկները ինքնաշարժով կը յաճախեն Քեսապի վարժարանները:
Գիւղին մէջ գործած են նաեւ զուտ տեղական միութիւններ:
1940ական թուականներուն, գիւղի կանայք կը կազմեն Տիկնանց Ուսումնասիրաց միութիւն մը, որ ունեցած է գրադարան և ընթերցարան:
1966ին, նախկին երիցատունը կը վերածուի ակումբ-գրադարանի:
Գիւղին մէջ 1976-1978 թուականներուն, գործած է Վերելք միութիւնը, որուն շուրջ խմբուած են գիւղին մօտաւորապէս 25-30 պարման-պարմանուհիները: Վերելքը ինքնադաստիարակչական խմբակ էր. նպատակն էր ծանօթանալ հայ գրականութեան, մշակոյթին և Հայոց պատմութեան: