Գարատուրան

Գարատաշի ձորաբերանէն վար, շուրջ 900 մ. բարձրութենէն մինչեւ ծով կը տարածուի Գարատուրանի հովիտը:
Գարատուրան խորունկ ձորին մէջ, ցրուած աւելի քան մէկուկէս տասնեակ մեծ ու փոքր թաղերը կը կազմեն Գարատուրան գիւղը:
Գարատուրանի թաղերը կը ճանչցուին բնիկ գերդաստաններուն անուններով ինչպէս՝ Սուլլէք, Զահթարլէք, Մանճիկլէք, Եարալլէք, Սաղտճլէք …
Գարատուրանի հիմնական բնակիչները իրենց ընտանեկան կալուածներուն վրայ կայք հաստատած քեսապցիներ էին, որոնց հիմնական զբաղումները եղած են երկրագործութիւն եւ անասնապահութիւն:
Գարատուրան եղած է շրջանին ամէնէն բազմամարդ գիւղը: Սակայն 1890-ական թուականներու սկսած արտագաղթէն եւ 1909ի աղէտէն ետք կատարուած մարդահամարներու թիւը կը տրուի 1286 անձ, իսկ 1915ին՝ 1290 անձ:
1918-1920 թուականներուն, տարագրութեան ճամբաներէն գիւղ կը վերադառնան գիւղի նախկին բնակչութեան միայն 45 առ հարիւրը:
1939ի սահմանագծումով, Թուրքիոյ կը կցուին գարատուրանցի կարգ մը ընտանիքներու գրեթէ բոլոր արտերը, պարտէզներն ու արօտավայրերը:
Գարատուրանցիք, հայրենադարձութեան աւետիսը կ՛ընդունին մեծ խանդավառութեամբ: 1947ին հայրենիք կը ներգաղթէ 804 անձ:
Գարատուրանցիք նկատուած են շրջանին ամէնէն աւանդապահ ժողովուրդը:
Եկեղեցիներ
Մինչեւ 19րդ դարու կէսերը, գիւղին մէջ գործած են նուազագոյնը 3 մատուռներ, որոնք կը լքուին թաղեցիներու տեղաշարժին պատճառով:
-Ս. Աստուածածին եկեղեցի. կառուցուած է 1889-1890, սակայն 1942 Յունուար 23ի պատահած գետնասահքը հիմնայատակ կը կործանէ ու անյայտ կ՛ընէ զայն: 1960ին կը հիմնարկուի ներկայիս գտնուող Ս.Աստուածածին եկեղեցին:
-Ս. Ստեփանոս եկեղեցի. կառուցուած է 1908ին Ծովու թաղին մէջ, վերջերս վերանորոգուեցաւ Ֆրանսահայ «Երկիր եւ Մշակոյթ» միութեան կողմէ:
-Աւետարանական եկեղեցի. կառուցուած է 1908ին եւ վերանորոգուած՝ 1986ին:
Դպրոցներ
-Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ Վարժարան (1890-1905).
-Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան (1905-1915 , 1924-1932).
-Հ.Բ.Ը.Մ-ի Ազգային Մեսրոպեան Նպաստընկալ Վարժարան(1932-1962).
-Հ.Բ.Ը.Միութեան Նպաստընկալ Վահան Պետրոսեան Վարժարան(1962-1964).
-Ս.Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Վարժարան.
– Ազգ. Նուպարեան Վարժարան (1909-1915,1923-1934) .
-Հ.Բ.Ը.Մ. Ազգ. Նուպարեան Նպաստընկալ Վարժարան (1934-1948).
-Ազգ. Միութեան Միացեալ Վարժարան (1923-1924).
-Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նպաստընկալ Մանկապարտէզ (1934-1947).
– Ազգ. Միացեալ Վարժարան (1934-1973).
-Հայ Աւետ. Վարժարան (1873-1915).
-Հայ Աւետ. Նահատակաց Վարժարան (1924-1981).
-Լատինաց Վարժարան (1905-1915,1921-1946).
-Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան Վարժարան (1946-1948).
Գարատաշ (Սեւ Քար)
Գարատուրանի ձորաբերանին՝ ծովէն 900 մ. բարձրութեան վրայ կը գտնուի Գարատաշ գիւղը: Ժամանակին անմարդաբնակ շրջան մը եղած է, ուր գտնուող ընդարձակ արտերը կը պատկանէին քեսապցի եւ քէօրքիւնացի ընտանիքներու, իսկ հարաւային մասը՝ Գալեմտէրեան գերդաստանին: Ժողովուրդի յիշողութեան մէջ գէթ մինչեւ 1942, այստեղ մշտական բնակավայրի մը մասին հետք չկայ: Սակայն մշտական բնակութեան վայր կը դառնայ Գարատուրանի մեծ գետնասահքէն ետք:
Լնդեան, Գազազեան եւ Ղազարեան քանի մը ընտանիքներ իրենց տուները շինեցին այս հողերուն վրայ: Վերջին երկու տասնամեակներուն, Գարատուրանէն ու Քեսապէն ուրիշ ընտանիքներ եւս հոս նոր կայք հաստատեցին ու պարտէզներ մշակեցին: Այստեղ վերջին տարիներուն հալէպահայ ընտանիքներ ամառանոցային սեփական առանձնատուներ կառուցած են ու կը շարունակեն կառուցել: