Աշխարհագրական դիրք

Քեսապի շրջանը կը գտնուի Անտիոքէն 60 քլմ. հարաւ՝ միջերկրականի եզերքը: Քեսապ եւ շրջակայ տասներկու գիւղերը թառած են 1800 մ. բարձրութիւն ունեցող կասիոս լերան արեւմտեան, հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային սարալանջերուն վրայ: Լեռը Յունա-Հռոմէական շրջանին կոչուած է Կասիոս (Cassius) անունով, իսկ խաչակիրներու ժամանակ Պարլերոյ (Mont Perlier), արաբները զայն կը կոչեն Ճեպել Ագրա (Ճաղատ լեռ): Լերան հարաւ-արեւելեան լանջին, 1250 մ. բարձրութեան մը վրայ կը գտնուի Պալլում կամ Պարլում կոչուող ուխտատեղին: Կառոյցը կը յիշեցնէ Յունա-Հռոմէական տաճարի մը աւերակները եւ Յունա-Հռոմէական պատմիչներու կողմէ կը յիշատակուի իբրեւ Զեւս աստուծոյ սուրբ լեռ: Տաճարային այս աւերակները կը վերագրուին Զեւս տաճարին: Անոր վրայ հաւանաբար կառուցուած ըլլայ Անտիոքի Լատին դքսութեան ատեն հռչակ վայելած Պարլերի լերան վանքը:

Քեսապի սահմաններն են հիւսիսէն եւ արեւելքէն՝ Թուրքիա, հարաւէն՝ Լըղըջէօր կոչուած վայրէն մինչեւ միջերկրական ծով թուրքմենական գիւղեր են, Արեւմտեան կողմէն՝ Միջերկրական ծովն է, սակայն տեղանքը չափազանց լեռնային ըլլալով, ծովու միակ մատչելի ափը Գարատուրանի ծովաբերանն է: 1939-էն առաջ, շրջանը կ’ընդգրկէր նաեւ Կասիոս լեռը (ճեպել Ագրան): Ծովափը կ’երկարէր մինչեւ Անթը Մաղարինէն կոչուող պարսպաձեւ լեռները, որոնք կը փակեն այդ կողմէն Սուէտիոյ ծոցը իջնող ճամբաները: Հիւսիսէն շրջանի սահմանները կ’իջնէին դէպի Ամանոսեան լեռները յարող Կասիոսի զարիթափ լանջերը: Թուրքիոյ կցուած այս ընդարձակ տարածութիւնները կը կազմէին շրջանի աւելի քան մէկ երրորդը: Այս տարածքներուն մէջ կը գտնուէին բնակչութեան կալուածներուն մեծ մասը՝ արօտավայրերը, արտերն ու պարտէզները: Այսպիսով Քեսապ շրջանէն Սուրիոյ մաս կը կազմեն միայն հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան բաժինները, ուր տեղաբաշխուած են շրջանի հայաբնակ գիւղերը:

Կասիոսի հարաւ-արեւելեան գոգաւորութեան մէջ կը գտնուի Քեսապ աւանը: Քեսապէն ետք յաջորդաբար կը գտնուին՝ Սեւ Աղբիւր, Ներքի Գիւղ (Էսկիւրան), Խայըթ, Չինար, Չագալճըգ, Քէրքիւնէ, Էքիզօլուք գիւղերը իրարմէ մէկէն չորս քլմ. հեռաւորութեանբ: Վերջին չորս գիւղերուն առջեւ, արեւելքէն կը տարածուի Տուզաղաճի հովիտը իր համանուն գիւղով: Քեսապի արեւմտեան մասին մէջ կը գտնուին Գարատուրան եւ Պաշօրտ գիւղերը: Առաջինը կ’երկարի խորունկ ձորի մը մէջ, որ կը հասնի մինչեւ ծովածոց, ձորին հարաւային կողմը կը բարձրանայ Սիլտըրան լեռը, հիւսիսի լեռները կը կազմեն Թուրքիոյ սահմանը: Պաշօրտը սահմանին մօտ ըլլալով եւ ներգաղթի պատճառով այժմ անմարդաբնակ է եւ ամբողջութեամբ լքուած: Սիլտըրանի հարաւային լանջին կը գտնուին վերի եւ վարի Պաղճաղազ եւ Չաթալլէք գիւղերը:

Քեսապ շրջանը իր այս սահմաններով հեռուէն կը նմանի լեռնակղզիի, որ տիրական դիրք ունի բոլոր շրջակայ տարածքներուն վրայ: Այստեղ միջին բարձրութիւններէն կ’երեւի հիւսիսէն՝ Որոնդէսի գետաբերանը, Մուսա լեռն ու Ամանոսեան լեռնաշղթան, արեւելքէն՝ Հալէպի դաշտերը, իսկ հարաւէն՝ Լաթաքիան: Պայծառ օրերուն կը տեսնուի նաեւ Կիպրոս կղզին: